2011-12-13 11:37:55

Կարտինալ Ուլէյի գնահատումով`աշխարհականացումը մեծագոյն մարտահրաւէրն է Լատինամերիկայի եկեղեցւոյ։


կարտինալ Ուելէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին եւ նախագահը Լատինամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, խօսեցաւ Լատինամերիկայի եկեղեցւոյ մասին մատնանշելով թէ ներկայիս եկեղեցին կը գտնուի աշխարհականացումի ինչպէս նաեւ աղանդներու զոյգ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Կարտինալին գնահատումով մարտահրաւէրներու նուաճումին լաւագոյն միջոցն է քրիստոնեական պատգամին քարոզութիւնը ոչ միայն եկեղեցի այլ եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով։ Յայտնենք որ 12 դեկտեմբերին երեկոյեան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր համապատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարը, լատինամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200 տարուան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.